Քանյէ Օմարի Ուէսթ, (անգլերէն՝ Kanye Omari West, ծնած է 8 Յունիս, 1977): Նաեւ յայտնի է որպէս Յէ (անգլերէն՝ Ye), ամերիկացի ռափըր, երգիչ, երգերու հեղինակ, երաժշտական արտադրող եւ դերասան։
Ուէսթ կը համարուի բոլոր ժամանակներու ամէնէն շատ ձայնասկաւառակ վաճառող արուեստագէտներէն մէկը։ Ան ամբողջ աշխարհին մէջ վաճառած է 21 միլիոն ալպոմ եւ 66 միլիոն երգ :
Վաղ կեանք
Քանյէ Ուէսթ ծնած է Աթլանթիոյ մէջ, Ճորճիա, ուր կ'ապրէր իր ծնողներուն հետ։ Երբ ան երեք տարեկան էր, ծնողները կ'ամուսնալուծուին, եւ ինքն ու մայրը կը տեղափոխուին Շիքակօ, Իլինոյս։ Անոր հայրը Ռէյ Ուէսթը այժմ քրիստոնեայ խորհրդական է։ Ուէսթի մայրը, բժիշկ Տոնտա Ուէսթը անգլերէն լեզուի փրոֆէսօր էր Գլարք-Աթլանթիոյ համալսարանին մէջ եւ անգլերէն բաժնի նախագահ Շիքակոյի համալսարանին մէջ մինչեւ, որ կը դառնայ Ուէսթի խորհրդատուն։
Անձնական կեանք
2002 թուականէն Ուէսթ սկսած է հանդիպիլ ծրագրողներ Ալէքսիս Փայֆըրի (անգլերէն՝ Alexis Phifer) հետ, սակայն անոնք բաժնուած են 2008-ին: Նոյն տարին ան սկսած է հանդիպիլ Էմպեր Ռոուզի հետ, սակայն անոնց յարաբերութիւնները աւարտած են 2010-ի ամառը: 2012-ի Ապրիլին Ուէսթ կը սկսի հանդիպիլ ամերիկահայ Քիմ Քարտաշեանի հետ, իսկ յաջորդ տարուան Յունիսին կը ծնի անոնց աղջիկ զաւակը՝ Նորթ Ուէսթը: Ուէսթ եւ Քարտաշեան ամուսնացած են 24 Մայիս2014-ին Ֆլորանսի մէջ, Իտալիա: Ապրիլ, 2015-ին անոնք իրենց աղջկան հետ կ'այցելեն Հայաստան, Երեւան: Նոյն տարուան Դեկտեմբերին կը ծնի անոնց մանչը: