Ճորճ Ուաշինկթըն (22 Փետրուար 1732, Պրիճս Քրիք, Վիրճինիա, ԱՄՆ - 12 Դեկտեմբեր 1799, Մաունթ Վերնոն, Վիրճինիա, ԱՄՆ), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահ (30 Ապրիլ 1789 - 4 Մարտ 1797)։
Ուաշինկթընը անկախութեան համար պատերազմի ժամանակ Մայրցամաքային բանակի հրամանատարն էր, ԱՄՆ հիմնադիր հայրերէն մէկը։ Նախագահած է երկու ժամկէտ եւ նախագահութիւնը փոխանցած Ճոն Ատամսին։ Երկու ժամկէտէ աւելի չառաջադրուելու աւանդոյթը պահպանուած է մինչեւ Ֆրենքլին Ռուզվելթի նախագահութիւն, որ ընտրուած է 3 անգամ։
Ծնած է ագարակատիրոջ ընտանիքի մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է տանը մէջ, սիրած է կարդալ։ 11 տարեկանին կորսնցուցած է հայրը։ Աշխատած է որպէս հողաչափ, մասնակցած է լորտ Ֆերֆաքսի արշաւներուն։ 1752 թուականին ժառանգած է Մաունթ Վեռնոնի կալուածքը, նոյն թուականին կամաւօրագրուած է աշխարհազօրին, մասնակցած է ֆրանսացիներուն ու հնդիկներուն դէմ մարտական գործողութիւններուն, եղած է գերութեան մէջ։ 1758 թուականին պատշօնաթող եղած է գնդապետի աստիճանով։ 1759 թուականին Ուաշինկթընը կ'ամուսնանայ Մարթա Տենտրիճ Քաստիսի հետ ու կը սկսի աշխուժօրէն զբաղիլ իր կալուածի նորոգութեամբ, բարեկարգութեամբ եւ կը դառնայ Վիրճինիայի ամենահարուստ հողատէրեէն մէկը։ 1758-1774 թուականներուն Ուաշինկթընը ընտրուած է Վիրճինիայի Սահմանադիր ժողովի անդամ, ուր պայքարած է գաղութատէր երկրի հետ՝ գաղութներու իրաւունքներու համար, դատապարտելով յամենայն դէպս բռնի գործողութիւնները։ Եղած է Առաջին Սահմանադիր Քոնկրեսի պատուիրակ։ Մեծ Բրիտանիոյ հետ բախումէն ետք հրաժարսծ է յաշտեցման փորձերէն, կապած է զէնքն ու զրահը ու միաձայն ընտրուած ամերիկեան զինուած ուժերու հրամանատար։ Վերակազմելով զօրքը՝ ան ղեկաւարած է բանակի ուժերը Պոսթընի պաշարումէն սկսած (1776) մինչեւ անգլիական զօրքերու անձնատուր ըլլալը Եորք Թաունի մօտ (1781)։ 1783-ի Նոյեմբերին Փարիզի պայմանագիրէն ետք դարձեալ թողած է հրամանատարի իւր լիազօրութիւնն ու հաստատուած Մաունթ Վեռնոնի մէջ։
Համադաշնութեան վերաբերեալ յօդուածներէն դժգոհ՝ Ուաշինկթըն ընտրուած է Սահմանադիր ժողովի նախագահ, որ 1787 թուականին ձեւակերպած է ԱՄՆ-ու Սահմանադրութիւնը։ 1789 թուականին Ճորճ Ուաշինկթընը միաձայն ընտրուած է ԱՄՆ-ու առաջին նախագահ։ 1792 թուականին անոր ըտրած են երկրորդ անգամ։ Ըլլալով պետութեան առաջնորդ՝ կ'աջակցէր Միութեան ամրացման, սահմանադրութեան սկզբունքներու կեանքի կոչելուն ու ԱՄՆ-ու մայրաքաղաքի կառուցման։ Կը զբաղէր իշխանութեան կեդրոնական մարմիններու ձեւաւորմամբ, կը ստեղծէր նախագահներու սահմանակարգի նախադէպերը, կ'քաջալերէր տնտեսութեան զարգացումը։ Ուաշինկթընը կը պահպանէր Քոնկրեսի հետ սերտ յարաբերութիւնները։ 1794 թուականին ճնշած է ԱՄՆ-ու պատմութեան մէջ առաջին ապստամբութիւնը ընդդէմ պետական իշխանութեան։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը խուսափէր եւրոպական երկիրներու գործերուն միջամտելէ։ Հրաժարած է նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ երրորդ անգամ։ Հեռանալէն առաջ ազգին ուղղած է իր հրաժեշտի նամակը։
Լքելով նախագահի աթոռը՝ Ուաշինկթըն հաստատուած է Մաունթ Վեռնոնի մէջ, յաճախ այցելած է կառուցուող մայրաքաղաքը։ Քոնկրեսը Ուաշինկթընին շնորհած է Հիմնադիր Հօր տիտղոսը։ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու սրման ժամանակ ՝ 1798 թուականի ամրան, խորհրդանշական կերպով նշանակուած է բանակի հրամանատար։ 14 Դեկտեմբեր 1799-ի լոյս 15-ի գիշերը Ուաշինկթընը մահացած է։ Անոր թաղած են 18 Դեկտեմբերին-ին Մաունթ Վեռոնի մէջ։
|