Հիբի անունը կ՛առաջանայ hipster բառէն, որ կը նշանակէ․- «ան որ կը մերժէ ներկայ մշակոյթը եւ նեցուկ կը կանգնի ազատամիտ գաղափարներու»։ Իսկ «հիբ» hip բառը, կը ծագի ափրիկեան ուելաֆ wolof լեզուի հիփի բառէն (Սենեկալի եւ Մորիթանիոյ մէջ խօսուող լեզու) որ կը նշանակէ «աչքերը բանալ»։ Սակայն, կրնայ նաեւ «հայբ»-ին (hype) բառախաղը ըլլայ․ կը նշանակէ ցրուող, թառած, «cool» կեցուածքով։ Հարի Կիպսըն երաժիշտն է, որ հիբսթըր եզրը կը գործածէ 1944-ին (Հարլեմի ռամիկ լեզուն Harlem jazz slang)։
Նիու Եորքի Կրինուիչ Վիլաճի մէջ հաստատուած հակամշակութային գաղափարներով երիտասարդներ, հիբ կ՛ անուանուին, որովհետեւ «լուսաբանուած» (in the know) կամ «cool»կը սեպուին։
27 Ապրիլ1961-ին, ամերիկեան «The Village Voice» մշակութային պարբերաթերթին մէջ լոյս կը տեսնէ «Բաց նամակ Քենետիին եւ Ֆիտել Քասթրոյին» (An open letter to JFK & Fidel Castro) յօդուածը, որուն հեղինակը՝ Նորման Մէյլըր «hippies» եզր կը գործածէ, երբ հարցականի տակ կ՛ առնէ Քենետիին վարքը։
1961-ին Քենեթ Ռեքսրոթ «հիբսթըր» եւ «հիբիս» եզրերը կը գործածէ, որպէսզի նկարագրէ երիտասարդները որոնք սեւամորթ ամերիկացիներուն խաղաղ ըմբոստութեան կամ «Պիթնիք» գիշերային կենցաղին կը մասնակցին։
1963-ի երկու ծանօթ երգեր՝ «Սաութ Սթրիթ» եւ «Եու քենթ սիթ տաուն» հիբի սահմանումը կու տան Ֆիլատելֆիա քաղաքի հարաւային բողոցին բնակիչներուն։
Հիբի անունը կը գործածուի նաեւ, նկարագրելու համար հակա-ընկերական վարքով անձեր որոնք կը բնակին Սան Ֆրանսիսքոյի Հայթ Աշպըրի Haight-Ashbury (ատենօք մեծահարուստներու կողմէ բնակուած) թաղամասի լքուած տուներուն մէջ եւ ուրիշ նման տեղեր։
Պատմական ակնարկ
Հիբիներու շարժումը Ա․Մ․Ն․ մէջ ծնունդ կ՛ առնէ 15 – 25 տարեկան պատանիներէ եւ երիտասարդներէ, որոնք պոհեմականներէն եւ գոյապաշտներէն (beatniks) կը ժառանգեն մշակութային անհամաձայնութեան սովորութիւնը (գաղափարական հոսանք, ստեղծուած 1950-ական թուականներուն վերջերը): Անոնց գաղափարախօսութիւնը ազդուած է Պիթ սերունդի Beat Generation գրագէտներէն։
Պիթ սերունդ․ 1950-ական թուականներուն Ա․Մ․Ն․ մէջ ծնած գրական եւ արուեստի հոսանք։ Հոսանքին գլխաւոր ներկայացուցիչներն են՝ Ճաք Քերուաք, Ալեն Կինզպըրկ, Ուիլիամ Պարոուս։
1960-ական թուականներուն Ա․Մ․Ն․ մեծ քաղաքներուն մէջ ծայր առած Վիեթնամի պատերազմին դէմ բողոքի ցոյցերը եւ Սեւամորթ բնակչութեան ըմբոստութիւնը, մեծապէս կը սատարեն շարժման արագ տարածման, Ամերիկայի սահմաններէն դուրս, մանաւանդ Անգլիա, Եւրոպա, Քանատա, Նիու Զիլանտ, Ճափոն, Մեքսիքօ եւ Պրազիլ։ Եւրոպայի մէջ, սկզբնական շրջանին հիփիներու շարժումը երաժշտութեան ընդմէջէն կը յայտնուի։
Հիբիներուն նշանաբանն է «Սէր եւ Խաղաղութիւն»։ Դէմ են որեւէ հաստատութեան, ընկերային սահմանափակումներուն, պատերազմներուն, կորիզային զէնքերուն․․։ Թեր են սեռային ազատագրումին՝ «սիրեցէք զիրար», անձի ազատութեան, բուսակերութեան, բնապահպանման։ Կը գովազդեն թեթեւ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը։
Հիբիներէն ազդուած են շատեր, ինչպէս օրինակ`Պիթլսորոնք իրենց կարգին ուրիշներու ազդած են ու դեռ կ՛ ազդեն։ Հիբի մշակոյթը աշխարհով մէկ կը թափանցէ եւ կը միաձուլէ ռոք երաժշտութիւնը, ֆոլք, պլուզ եւ պատրանքի ռոքը։ Նաեւ կ՛ արտայայտուի գրականութեան, թատերական արուեստի, նորաձեւութեան եւ տեսողական արուեստի ընդմէջէն։ Հիբի ենթամշակութային հոսանքը կը սկսի հատնիլ 1970-ական թուականներուն վերջերը։
Հիփի շարժումի զարգացում եւ թափանցում ուրիշ երկիրներ
Summer of Love
Հիբիները կը ժողովրդականացուին, երբ 14 Յունուար1967-ին Սան Ֆրանսիսքոյի «Golden Gate» պուրակին մէջ կը հաւաքուին 20 000 հիբիներ։ Կը յաջորդէ նոյն տարուան 26 Մարտին (Զատկուան Կիրակին) Մանհաթանի «Central Park»-ի «be-ins» լոզունքին տակ 10 000 հիբիներուն հաւաքը։
Յունիս 16 – 18 Մոնթըռէ կը կազմակերպուի համանուն Բոբ երաժշտութեան Փառատօնը որուն կը հետեւին 200 000 հոգի․ փառատօնին Ճիմի Հենտրիքս հանրութեան առջեւ իր առաջին ելոյթը կ՛ ունենայ։ Այս փառատօնը մեկնակէտն է «Summer of Love» պիտակին տակ ձեռնարկուած եղելութիւններուն։ Այս առթիւ Սքոթ Մաքենզի կը գրէ «Սան Ֆրանսիսքօ» երգը ։ Երգը կայծն է դէպի Սան Ֆրանսիսքօ ճամբորդելու հոսանքի մը ստեղծման։ Քաղաքը կը ներգրաւէ մեծ թիւով հիբիներ․ մօտաւորապէս 100 000 հիբիներ կը հաստատուին գլխաւորաբար Պերքլէյ շրջանի Հայթ Աշպըրի թաղամասը։ Անոնք իրենց գլուխը ծաղիկներով կը զարդարեն, անցող - դարձողին ծաղիկ կը բաժնեն․ այսպէս կ՛ առաջանայ «Flower child» անունը որ հիփի անունին հոմանիշը կը սեպուի։ Սակայն անոնցմէ լուրջ թիւ մը թմրեցուցիչ կը գործածէ։ Այս բոլորէն ազդուած՝ Պիթլս կ՛ արտադրեն «Sgt. Pepper's Lonely Hearts Club Band» ձայնապնակը ։
Ա․Մ․Նահանգներու տարածքին հաւատաւոր հիբիներու թիւը 300 000 կը հասնի։
Մեքսիքայի հիփիները՝ «jipitecas», կը հիմնեն «La Onda Chicana» շարժումը եւ Աւանտարօ Avándaro կը հաւաքուին։
Նիու Զիլանտ․ վաչկատուներ իրենց շարժուն տուներով կենցաղի տարբեր ձեւեր կ՛ որոնեն եւ վերամշակելի կենսուժ կը գործածեն Նամպասայի Nambassa շրջանը։
Անգլիոյ մէջ «Խաղաղութեան փաղանգները» շարժումը ամառները կը կազմակերպէ ազատ երաժշտութեան հաւաքներ եւ 1974-ին «Սթոնհենճ» փառատօնը։
Աւստրալիա. հիբիներ Նիմփին Nimpin կը հաւաքուին (1973) «Նիմփին Ջրհոս» փառատօնին համար եւ տարիներու պայքարներէ ետք կանեփի ազատ գործածութեան օրէնքի փոփոխութեան համախմբութիւն (կը կոչուի նաեւ Մարտիկրաս MardiGrass) կը կազմակերպեն։
1960-ական թուականներուն, Մաթալայի քարայրները «կը գրաւուին» հիբիներէն։ Հազարներով Կրետէ կու գան եւ Մաթալայի քարանձաւներուն մէջ կ՛ ապրին մինչեւ 1970-ական թուականներուն սկիզբները։ Կը հիմնեն հիբիներու համայնք մը։ Քանատացի երգչուհի Ճոնի Միչել, կ՛անմահացնէ այս ժամանակաշրջանը «Քերի» եւ «Քալիֆորնիա» երգերով։ Յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ ճնշումներուն տակ, Յունաստանի զինուորական կառավարութիւնը հիբիները Մաթալայէն կը վռնտէ եւ 1977-ին քարայրները վերջնականապէս կը փակուին։
Հիբիներու ժամանակաւոր հաստատութիւնը իր հետքը ձգած է մինչեւ այսօր։ 2011-էն ի վեր ամէն տարի Յունիս ամսուան մէջ երեք օրուան համար տեղի կ՛ ունենայ «Մաթալա Ծովափի Փառատօն»ը Matala Beach Festival։
Հիբիներու շարժումին անկումը
1970-ական թուականներուն կը սկսի հատնիլ հիբիներուն շարժումը։ Քանի մը եղելութիւններ անոր անկման կը սատարեն։
Ռոլինկ Սթոնս ռոք նուագախումբի բացօթեայ ձրի փառատօնը (6 Դեկտեմբեր 1969), որուն 300 000 հոգի կը հետեւի, աղիտալի վերջ կ՛ ունենայ, երբ փառատօնի հսկիչները կը յարձակին 18-ամեայ երիտասարդի մը վրայ․ կը կասկածին թէ նուագախումբի երգիչ Միք Ճակըրին դէմ զէնք վերցուցած է։
Չարլս Մանսոն ծանօթ անձնաւորութիւնը որ հիբիներու կենցաղը որդեգրած էր, իր կնոջ Շարոն Թէյթի սպանութեան ամբաստանութեամբ կը դատապարտուի։
Ծանր թմրեցուցիչներու գործածութիւնը ծանօթ «հիբի» երգիչներու մահը կը պատճառէ․ Ճիմի Հենտրիքս, Ճանիս Ճոփլին, Ճիմ Մորիսոն․․․։
Վիեթնամի պատերազմի աւարտով, լրատուական միջոցները այլեւս հիբիներուն հետ չեն զբաղիր։