Իլան Ռիվ Մասք (անգլ.՝ Elon Reeve Musk (EE-lon), ծնած 28 Յունիս, 1971) առեւտրական, եւ երկրաչափ է: Ան հիմնադիրն ու տնօրէնն է SpaceX ընկերութեան, տնօրէնը՝ Tesla, Inc. ընկերութեան, հիմնադիրը՝ The Boring Company ընկերութեան, համահիմնադիրը Neuralink ընկերութեան, եւ համահիմնադիրն ու առաջին համա-ատենապետը՝ OpenAI ընկերութեան: Միլիարատէր, Մասքը աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկն է:[lower-alpha 1]
Մասք ծնած է Գանատացի մօր մը եւ Հարաւային Ափրիկեցի հօր մը, եւ մեծցած է Փրէթորիա, Հարաւային Ափրիկիոյ մէջ: Ան կարճ ժամանակամիջոցի մը համար յաճախած է Փրէթորիոյ Համալսարանը, որմէ ետք փոխադրուած է Գանատա 17 տարեկանին եւ յաճախած է Քուինզ Համալսարանը: Հոնկէ կը փոխադրուի Փէնսիլվէնիոյ Համալսարանը երկու տարի ետք, ուրկէ կը ստանայ երկու պսակաւոր վկայականներ տնտեսագիտութեան ու բնագիտութեան ոլորտներուն մէջ: Կը փոխադրուի Քալիֆորնիա 1995 թուականին յաճախելու Սթանֆըրտ Համալսարան բայց կ'որոշէ առեւտրական ասպարեզին մէջ նետուիլ, համահիմնելով Zip2 ընկերութիւնը իր եղբօր Քիմպըլին հետ, որ կը ծախեն Compaq ընկերութեան $307 միլիոն ԱՄՆ տոլարի արժողութեամբ 1999 թուականին: Մասք նաեւ կը համահիմնէ առցանց X.com դրամատունը նոյն տարուան մէջ, որ կը միացուի Confinity ընկերութեան հետ 2000 թուականին, կազմելով հանրածանօթ PayPal ընկերութիւնը, որ 2002 թուականին կը ծախեն eBay ընկերութեան $1.5 միլիար ԱՄՆ տոլարի:
<ref>
tag; no text was provided for refs named net
Մէջբերման սխալ՝ <ref>
tags exist for a group named "lower-alpha", but no corresponding <references group="lower-alpha"/>
tag was found